2016-06-15 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ողորմութիւնը լոյս է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 15 յունիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց ողորմութեան վրայ, խօսելով ''ողորմութիւնը լոյս է'' նիւթին մասին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, օր մը երբ Յիսուս Երիքովի կը մօտենար հրաշք գործեց` ճամբուն եզերքը մուրացկան կոյրի մը տեսողութիւնը վերադարձնելով (Ղուկ 18, 35-43)։ Այսօր կ՛ուզենք անդրադառնալ այս նշանին իմաստի մասին ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով թէ  ''Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ թէ կոյր մը ճամբուն եզերքը կը մուրար։ Այդ ժամանակ, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակներուն, կոյր մը կրնար ապրիլ միայն մուրացկանութեամբ։ Այդ կոյրը կը ներկայացնէ բազմաթիւ անձեր, որոնք այսօր եւս կը գտնուին մեկուսացած, ֆիզիկական կամ այլ տեսակի անկարութեան պատճառաւ։ Ան հեռու է ամբոխէն, մեկուսի նստած է ճամբուն եզերքը։ Ճամբան որ կարող է դառնալ հանդիպումի վայր. Այդ կոյրին համար առանձնութիւն կը նշանակէր'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա ներկայացուց Երիքովի իրականութիւնը այդ քաղաքը ուր հրեաները ժամանեցին եգիպտոսէն ելքէն ետք։

Երբ կոյրը կ՛աղկաղկէր որ Յիսուս գթա իր վրան, անոնք որ առջեւէն կը քալէին կը սաստէին կոյրին որ լռէր։ Անոնք գթութիւն չունէին, ընդհակառակը, անոր ձայնը զիրենք կը խանգարէր։ Անտարբերութիւնը եւ թշնամութիւնը մեզ խուլ ու համր կը դարձնեն, արգելք կը հանդիսանան տեսնելու մեր եղբայրները ու թոյլ չեն տար անոր մէջ ճանչնալու Տէրը ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով կոյրին պնդումին ու աւելի բարձր ձայնով աղաղակին` որ Յիսուսին ուշադրութիւնը կը գրաւէ։

''Յիսուս կանգ առաւ ու հրամայեց որ կանչեն կոյրը։  Այս ընելով կոյրը կը դառնայ բոլորին ուշադրութեան կեդրոն։ Յիսուս կը ստիպէ բոլորը հասկնալու թէ բարի աւետիսը  կ՛ենթադրէ  նաեւ մեր ճանապարհի կեդրոն ընտրել այն որ բացառուած էր'' ըսաւ Սրբազան հայրը եւ միւս կողմէն­ աւելցուց ան, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ այդ կոյրին հաւատքը, փրկութեան ճամբան կը բանայ անոր առջեւ։

Յիսուսին անցքը այլապէս ողորմածութեան հանդիպում մըն է որ բոլորը կը համախմբէ իր շուրջ թոյլ տալով ճանչնալ անոնք որոնք կարիքը ունին օգնութեան ու մխիթարութեան։

Յիսուս հարց կու տայ կոյրին Ի՞նչ կ՛ուզես որ ընեմ քեզի։ Տէր թող աչքերս բացուին եւ տեսնեմ­, կը պատասխանէ կոյրը եւ Յիսուս անոր կ՛ըսէ ''թող բացուին աչքերդ հաւատք քեզ փրկեց''։

Նոյն ժամուն այդ կոյրին աչքերը կը բացուին եւ Աստուծոյ փառք տալով կը հետեւի Յիսուսին։ Բոլոր ժողովուրդը կատարուածը տեսնելով գովաբանութիւններ կը բարձրացնէ առ Աստուած։ Եւ ահա երկրորդ հրաշք մը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այդ նոյն լոյսը որ լուսաւորեց կոյրին աչքերը լուսաւորեց նաեւ բոլոր ներկաները։

Յիսուս արդարեւ իր ողորմութիւնը կը զեղու բոլոր անոնց վրայ որոնց կը հանդիպի։ Զանոնք կը կոչէ, կը համախմբէ, կը բուժէ ու կը լուսաւորէ, ստեղծելով նոր ժողովուրդ մը որ գիտէ ապրիլ Անոր ողորմած սիրոյ սքանչելիքները ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը որմէ ետք զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակները։

Երիտասարդներուն յանձրարարեց որ Տէրը դառնայ իրենց ներքին Վարդապետը որ զիրենք առաջնորդէ բարիի ուղիին վրայ, հիւանդները հրաւիրեց իրենց ցաւերը աշխարհի փրկութեան համար նուիրելու խաչելեալ Քրիստոսի եւ նորապսակները խրախուսեց գիտակիցիլ թէ ասունութիւնը ունի սիրոյ անփոխարինելի առաքելութիւն մը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.